2015-07-14 10:17:00

Ֆրանչիսկոս Պապին զրոյցը` իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Փարակուէյէն դէպի Հռոմ առաջնորդող թռիչքի ընթացքին, սովորութեան համաձայն, Ֆրանչիսկոս Պապը երկար զրոյց մը ունեցաւ իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ որուն ընթացքին, շօշափեց զանազան նիւթեր, սկսեալ Լատին Ամերիկա կատարած ճամբորդութեան տպաւորութիւններէն, անցնելով Յունական տագնապի հարցին եւ անդրադառնալով Սեպտեմբերին` Քուպա եւ ԱՄՆ կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան։

''Լատին Ամերիկան դաս մըն է Եւրոպայի համար որուն ժողովրդագրական աճը զէրոյի հաւասար է. Եւրոպան   պէտք է փոխէ իր ընթացքը եւ վախ չունենայ երիտասարդութենէն''։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Էքուատոր, Պոլիվիա եւ Փարակուէյ կատարած ճամբորդութեան իմաստի եզրակացութիւնը, իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ ունեցած, մէկ ժամ տեւող, մամլոյ ասուլիսի ընթացքին։

''Լատին Ամերիկայի եկեղեցին մեծ հարստութիւն մը ունի` Երիտասարդ Եկեղեցի է'', ըսաւ Քահանայապետը աւելցնելով որ այդ եկեղեցւոյ հարստութիւնը անոր կենսունակութիւնն է ու թէ ''մենք դաս առնելու ենք այդ կենսունակութենէն առանց վախ ունենալու երիտասարդութենէն''։

Անդրադառնալով ապա Քուպա եւ ԱՄՆ կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան եւ երկու երկիներու միջեւ վերահաստատուած դիւանագիտական կապերուն Սրբազան Հայրը ուզեց ընդգծել թէ այդ կապերու վերահաստատումին մէջ Վատիկանը շատ փոքր դեր մը խաղցաւ եւ թէ այդ երկու երկիներու կամաւոր կամքին հետեւանքով է որ վերահաստատուեցան բարի յարաբերութիւնները։ Միաժամանակ Ֆրանչիսկոս Պապը մտահոգութիւն յայտնեց Քոլոմպիայի մէջ խաղաղութեան գործընթացքին դադրեցումի մասին հաստատելով թէ Եկեղեցին միշտ պատրաստ է իր սատարը տալու այդ ուղղութեամբ։

Նորին Սրբութիւնը ապա հաստատեց թէ ըլլայ Քուպան ըլլայ ԱՄՆ-ը` ի տես համաձայնութեան­, քիչ բան ունին կորսնցնելիք ու շատ բաներ շահելիք ինչպէս. խաղաղութիւնը, բարեկամութիւնը­ հանդիպումը եւ համագործակցութիւնը։ Անդրադառնալով հուսկ Յունաստանի հարցին Սրբազան Հայրը մաղթեց որ լուծում մը գտնուի այդ տագնապին որ կը կարօտի նաեւ միջազգային հսկողութեան որպէսզի ապագային այսպիսի հարցեր դարձեալ չի կրկնուին։

Լրագրողներէն մին` ապա Սրբազան Հօր ուղղեց հարցում մը` հայող Պոլիվիայի նախագահին իրեն նուիրած` համայնավարութիւնը խորհրդանշող`  մուրճ ու մանգաղով խաչին, Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց թէ այդ մէկը 1980-ին սպաննուած Յիսուսեան միաբանութեան անդամ Հայր Էսփինալի գործն էր ու թէ  ներշնչուած այդ ժամանակուայ ''ազատագրումի աստուածաբանութենէն'' եւ թէ ինք սիրով ընդունեց այդ ''վիճայարոյց'' նուէրը որ արուեստական մէկ արտայայտութիւն է ։

Այլ լրագրող մը նկատել տուաւ թէ Ֆրանչիսկոս Պապ յաճախ կը խօսի աղքատներու եւ հարուստներու մասին ու քիչ անգամ կ՛անդրադառնայ ''միջին'' դասակարգի մասին։ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց անոր վստահեցնելով թէ այս դիտողութիւնը շիտակ էր եւ թէ ինք պիտի խորհէր այդ հարցին շուրջ։ 

Քահանայապետը ապա խօսելով ժողովրդային շարժումներու ուղղած իր պատգամի մասին ընդգծեց թէ այդ պատգամի պարունակութիւնը հիմնուած է եկեղեցւոյ վարդապետութեան վրայ եւ կը ներկայացնէր  այդ վարդապետութեան եզրակացութիւնն էր թէեւ ինք գիտակից է թէ շատեր այդ բառերը կրնան  շահագործել ու տարբեր ձեւերով ներկայացնել։

Առանց դադարի` իրեն ուղղուած 20 հարցումներու շարքին էր նաեւ այն հարցումը թէ ''Ո՞րն էր ուժականութեան գաղտնիքը որ թոյլ տուաւ Քահանայապետին դիմագրաւելու այսպիսի սպառիչ ճամբորդութիւն մը''։ Ֆրանչիսկոս Պապը պատասխանեց ''ՄԱԹԷՆ (հարաւային ամերիկայի իւրայատուկ ըմպելի) ինծի շատ կ՛օգնէ'' ու վստահեցուց թէ ''երբեք ''քոքա'' չէ համտեսած'', եզրակացնելով թէ ''այս մէկը բացայայտ է''։








All the contents on this site are copyrighted ©.